2013-07-28 16:59:36

Երիտասարդութեան Համաշխահային Օրուայ Յաջորդ Հանգրուանը 2016-ին` Գրաքովիայի մէջ։


28 յուլիսի առաւօտեան Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Գոբաքապանայի ծովափի տարածքին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին համայն երիտասարդութիւնը յանձնեց Աստուածամօր հովանիին հրաւիրելով երիտասարդները հետեւելու Անոր օրինակին։
Խնդրենք Սուրբ Կոյս Մարիամէն որ մեզ ալ օգնէ իրեն նման տալու Քրիստոսը մեր ընտանեկան պարագաներուն, մեր բարեկամներուն եւ բոլորին - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա յայտարարեց Երիտասարդութեան Համաշխահային Օրուայ յաջորդ հանգրուանը ըսելով` ''Սիրելի երիտասարդներ, յաջորդ Երիտասարդութեան Համաշխահային Օրուայ ժամանդրութիւնը 2016-ին է, Գրաքովիայի մէջ, Լեհաստան։ Սուրբ կոյս Մարիամի Բարեխօսութեամբ հայցենք Սուրբ Հոգւոյն լոյսը այն ուղեւորութեան որ մեզ պիտի տանի հաւատքի եւ Քրիստոսի սիրոյ ուրախալի տօնախմբութեան յաջորդ հանգրուանին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.